«Ֆորմիւլա-1»-ի 2017-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն այլ յաղթանակ մը եւս արձանագրելով Ճափոնի կրան փրիին, մեծ քայլ մը առաւ դէպի ախոյեանութեան տիտղոս:
1 ժամ 27′ 31″ արդիւնք մը արձանագրելով եւ յաւելեալ 25 կէտ ապահովելով` Հեմիլթըն այժմ 306 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Անոր անմիջական մրցակիցը` «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթել, որ Ճափոնի այս կրան փրին չկրցաւ աւարտել թեքնիք պատճառներով, այժմ ունի 247 կէտ:
3-րդ դիրքը 234 կէտով կը գրաւէ Հեմիլթընի ֆինլանտացի խմբակից Վալթերի Պոթթաս:
Եթէ յաջորդ կրան փրիին Հեմիլթըն յաղթանակ մը արձանագրէ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ Վեթել առաջին վեցին մէջ չյայտնուի, անգլիացին պիտի հանդիսանայ 2017-ի աշխարհի ախոյեան:
Ճափոնի կրան փրիին «Ռետ-Պուլ»-ի երկու վարորդները` հոլանտացի Մաքս Վերսթափեն եւ աւստրալիացի Տանիելէ Ռիքիարտօ Հեմիլթընի կողքին էին փոտիումին վրայ` յաջորդաբար գրաւելով երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:
Ինչ կը վերաբերի խումբերու դասաւորման, «Մերսետես» 540 կէտով առաջին է, «Ֆեռարի»` երկրորդ (395 կէտ), իսկ «Ռետ Պուլ»` երրորդ (303 կէտ):



