Երէկ` կիրակի, 8 հոկտեմբերին սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի մրցումները` բազմաթիւ խմբակներու մէջ:
23-րդ խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին իր առաջին մրցումը կատարեց Պիպլոսի դաշտին վրայ (Ժիպէյլ)` ճակատելով Էքթիւ Քլապի դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ մրցակից կազմին յաղթանակով` 47-43 արդիւնքով (15-14, 6-7, 15-14 եւ 11-8):
Հակառակ իր կրած այս պարտութեան, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը բաւական լաւ ներկայացում մը ունեցան:
ՀՄԸՄ իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ կիրակի, 15 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, երբ միեւնոյն դաշտին վրայ կը մրցի Ապնա Խալիժի դէմ:



