Մարզական

Պարսելոնայի Եկամուտը Առաջին Անգամ Ըլլալով Գերազանցեց 700 Միլիոն Եւրոն

Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբին եկամուտը նախորդ տարեշրջանին կազմեց 708 միլիոն եւրօ, ինչ որ մրցանիշ նկատուեցաւ քաթալոնական ակումբին համար, յայտնեց խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նախորդ տարեշրջանին համեմատ ակումբին եկամուտը աճած է 29 միլիոն եւրոյով: Պարսելոնա ծախսած է 677 միլիոն եւրօ, իսկ զուտ շահը կազմած է 31 միլիոն եւրօ: Կը նախատեսուի, որ այս տարեշրջանին Պարսելոնայի եկամուտը հասնի 897 միլիոն եւրոյի, իսկ շահը կազմէ 27...

Նովաք Ճոքովիչ Ճաշարան Բացաւ Կարիքաւորներու Համար

«Միրըր» կը հաղորդէ, որ նախապէս տղոց թենիսի աշխարհի դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող սերպ Նովաք Ճոքովիչ իր հայրենիքին մէջ ճաշարան մը բացաւ: Անիկա անվճար սնունդ պիտի տրամադրէ կարիքաւոր մարդոց: «Գումարը խնդիր չէ: Ես շահած եմ այնքան, որ ամբողջ Սերպիան կրնամ կերակրել: Կը կարծեմ, որ կարիքաւոր մարդիկը արժանի են ասոր», յայտնեց ան: Յայտնենք, որ 12 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած Ճոքովիչ վիրաւոր ըլլալուն...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» – Ազգային Խումբերու Ախոյեանութիւն, Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Մաս Պիտի Չկազմեն Նոյն Խմբակին

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ազգային ֆութպոլի խումբերու ախոյեանութեան վիճակաձգութեան ընթացքին Հայաստան եւ Ազրպէյճան մաս պիտի չկազմեն նոյն խմբակին: Նոյնն է պարագան նաեւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ: Հայաստան յայտնուեցաւ Դ. կարգի խմբակին մէջ, մինչ Ռուսիա` Գ. կարգի խմբակին մէջ: Այս ախոյեանութեան պիտի մասնակցին Եւրոպայի 55 երկիրներու ազգային խումբեր, որոնք պիտի բաժնուին չորս կարգի խմբակներու,...

Պարսելոնա Պիտի Շարունակէ Խաղալ «Լա Լիկա»-ին Մէջ

«Մունտօ Տեփորթիւօ» հաղորդեց, որ Պարսելոնա պիտի շարունակէ իր ելոյթները Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա լիկա») եւ Սպանիոյ բաժակի մրցաշարքին մէջ, նոյնիսկ եթէ Քաթալոնիա իր անկախութիւնը հռչակէ Սպանիայէն: Պարսելոնա, որ կ՛անդամակցի քաթալոնական ֆութպոլի ֆետերասիոնին, չի պատրաստուիր բաժնուիլ Սպանիոյ ֆետերասիոնէն: Սպանական «Լա լիկա»-ն եւս չի մտածեր Պարսելոնան ախոյեանութենէն հեռացնելու մասին` նկատի ունենալով, որ ատիկա պատճառ պիտի դառնայ պատկերասփիւռէն ուղղակիօրէն սփռուող մրցումներու եկամուտներուն իրաւունքներուն...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ա. Հանգրուանը Աւարտեց Չորս Յաղթանակով

Լուսանկարը` PROFOTO-ի Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան Ա. հանգրուանը աւարտեց չորս յաղթանակով, երբ արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը 75-52 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հիւսէյն Տայը (Ալճերիա): ՀՄԸՄ, որ այսպիսով գրաւեց դասաւորման առաջին դիրքը, վաղը` ուրբաթ, 13 հոկտեմբերին, կիասաւարտականին կը մրցի Օլիմփիի դէմ, իսկ երկրորդ մրցումին, Սաֆաքասի իր դէմ կ՛ունենայ Ֆահիսը: Երէկ, Ֆահիս (Յորդանան) քիչ մը դժուարութեամբ յաղթեց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Պարտութեան Մատնեց Սաժեսը` 85-77 Արդիւնքով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Տղոց Կատարելիք Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր «Ազդակ»-ի մարզական էջով տուինք Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը: Այսօրուան մարզական էջով կու տանք ՀՄԸՄ-ի կազմին կատարելիք երթի մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը: Ստորեւ` այդ յայտագիրը, որ պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ. Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ ՀՄԸՄ - Պէյրութ 20:30 Աղբալեան Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՈՒՐԲԱԹ, 20 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ....

2018-ի Մոնտիալ. Հարաւային Ամերիկայի Գօտի. Մեսսի Կերտեց Արժանթինի Յաղթանակը Եւ Անոր Ապահովեց Ռուսիոյ Տոմսը

Լիոնել Մեսսի (աջին) Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 18-րդ եւ վերջին հանգրուանին միայն Արժանթին յաջողեցաւ ապահովել Ռուսիոյ իր տոմսը, երբ Էքուատորի դէմ տեղի ունեցած մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Արժանթինի այս յաղթանակը կերտեց Լիոնել Մեսսի, որ հեթրիք մը իրագործեց (11-րդ, 18-րդ եւ 62-րդ): Այսպիսով, Պրազիլ, Ուրուկուէյ, Արժանթին եւ Քոլոմպիա ապահովեցին իրենց տոմսերը,...

Lebanon-football-federation

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Ա. Եւ Բ. Դասակարգերու Ախոյեանութեանց 4-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Յայտագիրը

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը: Ճշդուեցան Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեանց 4-րդ հանգրուանի մրցումները: Անոնք պիտի ընթանան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. ՈՒՐԲԱԹ, 13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Շապապ Արապի - Թատամոն Սուր 15:30 Պհամտուն Ռասինկ - Սաֆա 21:45 Սայտա ՇԱԲԱԹ, 14 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ Իսլահ Պըրժ Շիմալի - Նըժմէ 15:00 Սուր (դռնփակ) Ախա...

Հեծելարշաւ. Կիրակի, 15 Հոկտեմբերին` Ծատուրեան Եղբայրներուն Բաժակի Մրցաշարքը

Յովսէփ Գանլըճեան Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը հրապարակեց 2017 տարուան դասաւորումը` տարբեր տեսակի դասակարգերուն գծով, այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք 3-րդ հանգրուանի մրցումին նախօրեակին: Կազմակերպութեամբ ֆետերասիոնին, կիրակի, 15 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Ծատուրեան եղբայրներու յիշատակին նուիրուած բաժակի մրցաշարքը, որ Նահր Մոթէն ընթացք պիտի առնէ դէպի Պաապտեթ եւ պիտի ըլլայ 11,5 քմ ժամացոյցի դէմ մրցում մը: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պրումմանայի քաղաքապետութեան դաշտին վրայ`...

Քարաթէ. Հայ Մարզիկը` Աշխարհի Փոխախոյեան

Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Սարգսեան, Թայլանտի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի քարաթէի ախոյեանութեան տիրացաւ արծաթէ մետալի` հանդիսանալով փոխախոյեան: Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ան կատարելով 5 տպաւորիչ մենամարտ, հասաւ այդ արծաթ մետալին:

Պասքեթպոլ. Անթուան Ղըրէյյեպի Անուան Մրցաշարքին Կը Մասնակցին 48 Խումբեր

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, սկսաւ Անթուան Ղըրէյյեպի անուան պասքեթպոլի 5-րդ մրցաշարքը, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ` մասնակցութեամբ 48 խումբերու: Խումբերը բաժնուած են տարիքային չորս դասակարգերու` հետեւեալ ձեւով. 18 տարեկանէն վար (12 խումբ), 16 տարեկանէն վար (12 խումբ), 14 տարեկանէն վար (12 խումբ) եւ 12 տարեկանէն վար (12 խումբ): Մրցաշարքին բացման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 8...

2018-ի Մոնտիալ. Եւրոպայի Գօտի. – Յստակացան Ռուսիոյ Իրենց Տոմսերը Ապահոված Եւ Փլէյ-Օֆին Հասնող 8 Խումբերը

Հոլանտա, Սկովտիա Եւ Չեխիա` Բացակայ Մոնտիալէն Ռոպերթ Լեւանտովսքի Երեքշաբթի, 10 հոկտեմբերին, Եւրոպայի գօտիին մէջ աւարտեցան 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցումները, եւ բնականաբար յստակացան Ռուսիոյ իրենց տոմսերը ապահովող եւ փլէյ-օֆի մրցումներ կատարող 8 խումբերուն անունները: Աշխարհի գործող ախոյեան Գերմանիա, Եւրոպայի ախոյեան Փորթուգալ, Սպանիա, Անգլիա, Ֆրանսա, Պելճիքա, Սերպիա, Իսլանտա եւ Լեհաստան, որոնք գրաւեցին իրենց խմբակներուն պարագլուխի դիրքը, պիտի մեկնին Ռուսիա: Իսկ երկրորդ դիրքը...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Աղջկանց Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ – Օլիմփիք

Պասքեթպոլ. Աղջկանց Արաբական Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հիւսէյն Տէյ

Լիբանանի աղջկանց ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութիւնը, այսօր կը կատարէ իր չորրորդ մրցումը, երբ երեկոյեան ժամը 20:00-ին կը հիւրընկալէ Հիւսէյն Տէյը (Ալճերիա): Երեկոյեան ժամը 18:00-ին իրարու դէմ կը մրցին Օլիմփիք (Եգիպտոս) եւ Ֆիւհէյս (Յորդանան): Յիշեցնենք, որ ՀՄԸՄ ցարդ արձանագրած է երեք յաղթանակ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի...

Ասիա-2019-ի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան 5-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Հիւսիսային Քորէան

Լուսանկարը Տրամադրեց ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը երէկ, երեկոյեան «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանին մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Քորէան` Ասիա-2019-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Լիբանան, որ երթին (5 սեպտեմբեր) Հիւսիսային Քորէայի դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, երէկ անխնայ եղաւ իր հիւրին նկատմամբ` արձանագրելով 5-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Երէկուան այս մրցումին Լիբանանի հինգ անպատասխան կոլերը նշանակեցին Հիլալ...

Փիթըր Քրաուչ` Մրցանիշներու «Կինես» Գիրքին Մէջ

Անգլիական Սթոք Սիթիի յառաջապահ Փիթըր Քրաուչ ընդգրկուեցաւ մրցանիշներու «Կինես» գիրքին մէջ եւ ստացաւ ատիկա փաստող համապատասխան վկայագիր: 36 տարեկան ֆութպոլիստը պարբերաթերթին 2018 տարուան հրատարակութեան մէջ յայտնուեցաւ իբրեւ «Փրեմիեր լիկ»-ին (Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւն) գլուխով ամէնէն շատ կոլ նշանակած ֆութպոլիստը: Ան ցարդ գլուխով նշանակած է 51 կոլ: Քրաուչ առաջին անգամ իր մրցանիշը հաստատեց 2015-ին, երբ գլուխով իր նշանակած 47-րդ կոլին շնորհիւ գերազանցեց...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Տղոց Կազմին Առաջին Մրցակիցը` Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի մրցումներուն յայտագիրը: Տարեշրջանին ազդանշանը կը տրուի կիրակի, 15 հոկտեմբերին, երբ տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ: ՀՄԸՄ-ի կազմը իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ երեքշաբթի, 17 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պէյրութը: Երթին կատարուելիք ՀՄԸՄ-ի մրցումներուն կ՛անդրադառնանք «Ազդակ»-ի վաղուան...

Պաթրունի 7-րդ Միջազգային Թրիաթլոնին Մասնակցեցան 260 Մարզիկներ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պաթրունի 7-րդ միջազգային թրիաթլոնը, «Սան Սթեֆանօ» մարզահամալիրին մէջ` մասնակցութեամբ 260 երկսեռ մարզիկներու: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Անգլիայէն, Վենեզուելայէն, Թուրքիայէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն մարզիկներ: Անիկա տեղի ունեցաւ բաւական մեծ խանդավառութեան եւ սուր մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ: Նշենք, որ այս մրցաշարքին տեղի ունեցան 750 մեթր լողարշաւ, 20 քմ հեծելարշաւ եւ 5 քմ վազք: Աւարտին, մրցանակաբաշխութեան...

2018-ի Մոնտիալ. Իսլանտա Բնակիչներու Ամէնէն Քիչ Թիւը Ունեցող Երկիրը` Մոնտիալին Մասնակցող

Սքանտինաւեան երկիրներէն Իսլանտա, 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ գրաւելով Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը, բնականաբար ապահովեց Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը: Ան իր այս իրագործումին շնորհիւ յաջողեցաւ մոնտիալներու պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատել բնակչութեան թիւին իմաստով` նկատի ունենալով, որ անիկա այսպիսով կոտրեց նախկին մրցանիշը, որ կը պատկանէր Թրինիտատ եւ Թոպակոյի (1,3 միլիոն բնակիչ): Իսլանտայի բնակչութեան...

2018-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Սուրիա Չկրցաւ Յաղթել Աւստրալիոյ

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի Դ. հանգրուանի փլէյ-օֆի դարձին իր կատարած մրցումին, երէկ Սուրիա, որ հիւրը եղաւ Աւստրալիոյ, չկրցաւ շարունակել դէպի Ռուսիա իր երթը, երբ դաշտին տիրոջմէն 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Սուրիա, որ երթին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր, երէկ պարտութիւն կրեց երկարաձգումէն ետք: Մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ, Սուրիա 109-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ իր...

Պօղոս Գալստեան` Արարատ Մոսկուայի Առաջին Փոխնախագահ

Արարատ Մոսկուայի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ աւագ մարզիչ Պօղոս Գալստեան նշանակուեցաւ ակումբի առաջին փոխնախագահ, բայց եւ այնպէս 65 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը պիտի շարունակէ իր պաշտօնը իբրեւ ակումբի մարզիչ: Գալստեան մարզիչի իր ասպարէզին սկսաւ 2005-ին: Ան 2010-ին Մոսկուայի մէջ աւարտեց մարզիչի իր դասընթացքը եւ ստացաւ «Փրօ» արտօնագիր: Ան իբրեւ մարզիչ մաս կազմած է շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Քուպան,...

Page 920 of 1278 1 … 919 920 921 … 1,278

Արխիւներ