Երէկ` կիրակի, 8 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան որուն հիւրընկալողն է «Աղբալեան-ՀՄԸՄ»-ի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը:

Յայտնենք, որ առաջին անգամ ըլլալով ՀՄԸՄ կը հիւրընկալէ այսպիսի կարեւոր ախոյեանութիւն մը:

Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ կը մասնակցի այս ախոյեանութեան, նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած երկու մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտեց:
Լուսանկարները տրամադրեց՝
PROFOTO




