Տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին 75-րդ տիտղոսին, երբ Չինաստանի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի աւարտականին 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց աւստրալիացի Նիք Քիրկիոսի դէմ:
Այսպիսով, 1 ժամ 33 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք, 31 տարեկան Նատալ տիրացաւ այս տարուան իր վեցերորդ տիտղոսին:
15-րդ դասուած Քիրկիոս ցարդ յոյս ունի այս տարուան աւարտին տեղի ունենալիք «Էյ. Թի. Փի.»-ի մրցաշարքին մասնակցելու` նկատի ունենալով, որ մինչեւ տարեվերջ շարք մը այլ մրցաշարքեր պիտի կազմակերպուին, եւ ան կրնայ առաջին 10-ին մէջ դիրք մը ապահովել:



