Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Սարգսեան, Թայլանտի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի քարաթէի ախոյեանութեան տիրացաւ արծաթէ մետալի` հանդիսանալով փոխախոյեան:
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ան կատարելով 5 տպաւորիչ մենամարտ, հասաւ այդ արծաթ մետալին:


