Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պաթրունի 7-րդ միջազգային թրիաթլոնը, «Սան Սթեֆանօ» մարզահամալիրին մէջ` մասնակցութեամբ 260 երկսեռ մարզիկներու:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Անգլիայէն, Վենեզուելայէն, Թուրքիայէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն մարզիկներ:
Անիկա տեղի ունեցաւ բաւական մեծ խանդավառութեան եւ սուր մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին տեղի ունեցան 750 մեթր լողարշաւ, 20 քմ հեծելարշաւ եւ 5 քմ վազք:
Աւարտին, մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, Պաթրունի քաղաքապետ Մարսելինօ Հարաք շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները, ինչպէս նաեւ գնահատանքի իր խօսքը ուղղեց կազմակերպիչներուն եւ անոր յաջողութեան մէջ իրենց կարեւոր մասնակցութիւնը ունեցող անձերուն, կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն:


