Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, սկսաւ Անթուան Ղըրէյյեպի անուան պասքեթպոլի 5-րդ մրցաշարքը, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ` մասնակցութեամբ 48 խումբերու:
Խումբերը բաժնուած են տարիքային չորս դասակարգերու` հետեւեալ ձեւով. 18 տարեկանէն վար (12 խումբ), 16 տարեկանէն վար (12 խումբ), 14 տարեկանէն վար (12 խումբ) եւ 12 տարեկանէն վար (12 խումբ):
Մրցաշարքին բացման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 8 հոկտեմբերին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներ, պաշտօնական հիւրեր եւ հրաւիրեալներ:
Մարզահամալիրի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շեհուան ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք յոյս յայտնեց, որ այս մրցաշարքը տեղի ունենայ ընտանեկան եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, ուր սակայն բնականաբար ներկայ ըլլայ պայքարի ոգին:
Բացման հանդիսութեան զուգահեռ, տեղի ունեցան նաեւ շարք մը ճակատումներ` գրեթէ բոլոր չորս դասակարգերուն մէջ ալ:


