
Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը հրապարակեց 2017 տարուան դասաւորումը` տարբեր տեսակի դասակարգերուն գծով, այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք 3-րդ հանգրուանի մրցումին նախօրեակին:
Կազմակերպութեամբ ֆետերասիոնին, կիրակի, 15 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Ծատուրեան եղբայրներու յիշատակին նուիրուած բաժակի մրցաշարքը, որ Նահր Մոթէն ընթացք պիտի առնէ դէպի Պաապտեթ եւ պիտի ըլլայ 11,5 քմ ժամացոյցի դէմ մրցում մը:
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պրումմանայի քաղաքապետութեան դաշտին վրայ` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն այս մրցաշարքին մասնակցիլ, կրնան կապ հաստատել անոր անդամներէն ոեւէ մէկուն հետ:
Ինչ կը վերաբերի «Մասթըրզ»-ի հրապարակուած դասաւորման, Վիգէն Քէշիշեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) 16 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը մեծերու դասաւորման մէջ, իր կարգին 18 կէտով 5-րդ է Գէորգ Ալթունեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ):
Իսկ ինչ կը վերաբերի երիտասարդներու դասաւորման, Յովսէփ Գանլըճեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) 39 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտէն այլ հեծելանւորդ մը` Քարլ Տեմիրճեան, 30 կէտով 4-րդ է:


