Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի Դ. հանգրուանի փլէյ-օֆի դարձին իր կատարած մրցումին, երէկ Սուրիա, որ հիւրը եղաւ Աւստրալիոյ, չկրցաւ շարունակել դէպի Ռուսիա իր երթը, երբ դաշտին տիրոջմէն 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Սուրիա, որ երթին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր, երէկ պարտութիւն կրեց երկարաձգումէն ետք: Մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ, Սուրիա 109-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ իր բերդին մէջ:


