Անգլիական Սթոք Սիթիի յառաջապահ Փիթըր Քրաուչ ընդգրկուեցաւ մրցանիշներու «Կինես» գիրքին մէջ եւ ստացաւ ատիկա փաստող համապատասխան վկայագիր:
36 տարեկան ֆութպոլիստը պարբերաթերթին 2018 տարուան հրատարակութեան մէջ յայտնուեցաւ իբրեւ «Փրեմիեր լիկ»-ին (Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւն) գլուխով ամէնէն շատ կոլ նշանակած ֆութպոլիստը: Ան ցարդ գլուխով նշանակած է 51 կոլ:
Քրաուչ առաջին անգամ իր մրցանիշը հաստատեց 2015-ին, երբ գլուխով իր նշանակած 47-րդ կոլին շնորհիւ գերազանցեց անգլիացի անուանի նախկին ֆութպոլիստ Էլըն Շիրըրի հաստատած մրցանիշը:


