Լիբանանի աղջկանց ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութիւնը, այսօր կը կատարէ իր չորրորդ մրցումը, երբ երեկոյեան ժամը 20:00-ին կը հիւրընկալէ Հիւսէյն Տէյը (Ալճերիա):
Երեկոյեան ժամը 18:00-ին իրարու դէմ կը մրցին Օլիմփիք (Եգիպտոս) եւ Ֆիւհէյս (Յորդանան):
Յիշեցնենք, որ ՀՄԸՄ ցարդ արձանագրած է երեք յաղթանակ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի այսօր ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: