Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալ Եւ Պարսելոնա Յաղթեցին. Նափոլի Պարտուեցաւ

Սեպտեմբեր 30, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, «Սէյնթ Ճէյմս փարք»-ի մէջ Նիւքեսըլ հիւրընկալեց Արսենալը: Նիւքեսըլ առաջին կիսախաղին կրցաւ յառաջանալ շնորհիւ գերմանացի Նիք Վոլթեմատէի գլխու հարուածին, բայց 67-րդ վայրկեանին փոխարինելէ ետք Անթոնի Կորտըն-Վոլթեմատէ-Ճէյքոպ Մըրֆի յառաջապահ եռեակը, գրեթէ չվտանգեց Արսենալի բերդը` առիթ տալով մրցակիցին, որ բազմապատկէ իր յարձակումները եւ մրցումի վերջին վայրկեաններուն 2 կոլ նշանակէ: Միքել Մերինօ եւ Կապրիէլ (96-րդ վայրկեան) նշանակեցին շատ կարեւոր կոլեր, եւ Արսենալ բարձրացաւ Բ. դիրք` 2 կէտով ետ մնալով Լիվըրփուլէն (15 կէտ):

Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 7-րդ հանգրուանին, Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռէալ Սոսիետատը եւ գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը:

31-րդ վայրկեանին Ալվարօ Օտրիոսոլա նշանակեց Սոսիետատի կոլը: 43-րդ վայրկեանին Ժիւլ Քունտէ գլխու հարուածով նշանակեց Պարսելոնայի հաւասարութեան կոլը` քոռնըրէ մը ետք: Լամին Եամալ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով վերջին 4 մրցումներէն բացակայած էր: Ան փոխարինեց Ռունի Պարտըղճին, որ շատ լաւ ելոյթ կ՛ունենար 58-րդ վայրկեանին: Հազիւ վայրկեան մը անցած, Եամալի օդային փոխանցումը կոլի վերածեց վեթերան Ռոպերթ Լեվանտովսքին` գլխու անսխալ հարուածով:

Այժմ Պարսելոնա 1 կէտի առաւելութիւն ունի Ռէալ Մատրիտի վրայ, որ Բ. դիրքը կը գրաւէ 18 կէտով:

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Նափոլի 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ա. Սէ. Միլանէն, որ այս յաղթանակով գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը:

Միլանի եւ մրցումի աստղն էր ամերիկացի Քրիսթիան Փուլիշիչ, որ 3-րդ վայրկեանին ձախ կողմէն յարձակումէ մը ետք փոխանցեց դէպի աջ` Ալեքսիս Սալմեքըրսի, որ անսխալ էր Նափոլիի բերդին առջեւ:

31-րդ վայրկեանին Եուսուֆ Ֆոֆանա գնդակը պատրաստեց Փուլիշիչին, որ զայն զետեղեց Ալեքս Մերեթի բերդին մէջ:

Բ. կիսախաղին Նափոլի շատ աւելի լաւ էր, մանաւանդ որ Ա. Սէ. Միլանի մարզիչ Ալլեկրիի նախասիրած բանն է պաշտպանուիլը, եւ Նափոլի ամբողջովին յարձակումի անցաւ:

Էքուատորցի պաշտպան Փերվիս Էսթուփինան ֆաուլի ենթարկեց Սքոթ Մաքթոմինէյը եւ վտարուեցաւ կարմիր քարտով: Պելճիքացի միջնապահ Քեւըն Տը Պրույնէ նշանակեց անվիճելի փենալթին, բայց Նափոլիի առիթները կոլի չվերածուեցան, շատ անգամ Միլանի բերդապահ Մենիանի եւ անգամ մըն ալ Միլանի բերդին սիւնին պատճառով:

Միլան 12 կէտ ունի Նափոլիի եւ Ա. Էս. Ռոմայի նման, բայց աւելի լաւ կոլ-էվըրէյճի համար գրաւեց առաջին դիրքը:

 

Նախորդը

Լորան Պլան Պաշտօնանկ Եղաւ

Յաջորդը

Էրիկ Դաւթեան Իր Առաջին Ելոյթը Ունեցաւ Կիպրոսի Բարձրագոյն Դասակարգին Մէջ

RelatedPosts

Ըմբշամարտ.  Արսէն Յարութիւնեան Եւ Հայկ Մելիքեան Յաղթանակներով Սկսան «Պունտըսլիկա»-ն
Մարզական

Ըմբշամարտ. Արսէն Յարութիւնեան Եւ Հայկ Մելիքեան Յաղթանակներով Սկսան «Պունտըսլիկա»-ն

Հոկտեմբեր 1, 2025
Քարաթէ.  Սուրէն Յարութիւնեան Ոսկի Շահեցաւ
Մարզական

Քարաթէ. Սուրէն Յարութիւնեան Ոսկի Շահեցաւ

Հոկտեմբեր 1, 2025
Էտկար Մովսիսեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց Կիպրոսի Մէջ
Մարզական

Էտկար Մովսիսեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց Կիպրոսի Մէջ

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?