Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին յառաջապահ Ուէյն Ռունի հերքեց փորթուգալցի ֆութպոլիստ Ռոնալտոյի հետ վատ յարաբերութիւններու մասին լուրերը:
Երկու աստղերն ալ Մանչեսթըր Եունայթըտի խմբակիցներ եղած են: «Մարդիկ կը կարծեն, որ ես չեմ սիրեր Ռոնալտոն: Իրականութեան մէջ ես կը պաշտեմ զինք: Ան իսկական հանճար է, աներեւակայելի բաներ կրնայ ընել դաշտին վրայ: Ես կը պաշտեմ զինք, եւ պատիւ է իրեն հետ խաղալը: Չեմ կարծեր, որ մարդիկ գիտեն, թէ որքա՛ն մտերիմ էինք: Կրնայ ըլլալ, որ երբ ըսի, թէ Մեսսի աւելի լաւ է, քան Ռոնալտոն, մարդիկ կարծեցին, թէ Ռոնալտոն չեմ սիրեր: Ես կը պաշտեմ նաեւ Մեսսին, կը սիրեմ դիտել, թէ ան ինչպէ՛ս կը խաղայ, եւ այդ մէկը միակ պատճառն է, որ ընտրեցի զինք, որովհետեւ իմ կարծիքովս, Լիոնել խաղի, խմբակիցներու հետ փոխադարձ գործակցութեան եւ այլ առումներով քիչ մը աւելի լաւ էր: Ռոնալտօ ֆութպոլային «մարդասպան» է, եւ մարդիկ կը կարծեն, որ այս բառերը գործածելով կը նախընտրեմ Մեսսին եւ չեմ սիրեր Ռոնալտոն», ըսաւ Ռունի «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը պահուն, երբ լուսաբանեց իր կարծիքը այժմ հաղորդավար Ռիօ Ֆերտինանտին, որ Եունայթըտի իր նախկին խմբակիցն էր: