Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պայերն Միւնիխ իր յաջորդական 5-րդ յաղթանակը արձանագրեց, 4-0 արդիւնքով ծանր արդիւնքով պարտութեան մատնելով Վերտըր Պրեմընը:
Անգլիոյ ազգային խումբի խմբապետ Հերի Քէյն 2 կոլ նշանակեց` դառնալով Եւրոպայի լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններու պատմութեան առաջին մարզիկը, որ 104 մրցումներու ընթացքին 100 կոլերու կը հասնի:
Գերմանիոյ ազգային խումբի յետսապահ Եոնաթան Թահ կրունկով նշանակեց Պայերնի առաջին կոլը, ֆրանսացի Մայքըլ Օլիւէի փոխանցումէն ետք: Քէյնի 2 կոլերէն ետք (մէկը` փենալթիով) 87-րդ վայրկեանին աւստրիացի Քոնրատ Լայմեր բարձր մակարդակի իր ելոյթը ամբողջացուց նշանակելով կոլ մը, 20 տարեկան Թոմ Պիշոֆի փոխանցումէն ետք: Նշենք, որ Թոմ Պիշոֆ, որ ամրան միացած էր Հոֆենհայմէն, ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ փոխարինելով Եոշուա Քիմիչը, որ երկու մրցումներէ ի վեր պահեստի աթոռներէն կը մասնակցի` հանգիստ մնալու համար «խճողուած» ժամանակաշրջանէն քիչ մը առաջ:
Պորուսիա Տորթմունտ 2 կէտով ետ կը մնայ Պայերնէն, եւ Մայնցի դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթեց տեղւոյն կազմին: Տանիէլ Սվենսոն եւ Քարիմ Ատերյեմի նշանակեցին «դեղիններ»-ուն կոլերը:
Մէօնշընկլատպախի դաշտին վրայ կոլերով հարուստ մրցումի մը ընթացքին, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ մինչեւ 47-րդ վայրկեան 6 կոլ նշանակած էր:
72-րդ վայրկեանէն 99-րդ վայրկեան Մէօնշընկլատպախ 4 կոլերով պատասխանեց, բայց բաւարար չէր անշուշտ: Մէօնշընկլատպախի 4-րդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս, բայց 5 մրցումներէ ետք 2 կէտեր հաւաքած Մէօնշընկլատպախ կը մնայ վերջին դիրքի վրայ:
Ստորեւ` արդիւնքները.
Պայերն Միւնիխ – Վերտըր Պրեմըն 4-0
Հայտընհայմ – Աուկզպուրկ 2-1
Զանքթ Փաուլի – Պայեր Լեւերքուզըն 1-2
Վոլֆսպուրկ – Ռետ Պուլ Լայփցիկ 0-1
Մայնց – Տորթմունտ 0-2
Մէօնշընկլատպախ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 4-6