Եւրոպայի կարեւոր 5 ախոյեանութիւնները կը շարունակուին այս շաբաթավերջին: Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն կարեւորագոյնը կրնայ ըլլալ Քրիսթըլ Փելես – Լիվըրփուլ ճակատումը, որ զարմանալի կրնայ թուիլ շատերու համար, բայց անգլիական ֆութպոլին հետեւողները լաւ գիտեն, որ Փելես անցեալ 10 օգոստոսին տարեշրջանի առաջին ճակատումին կրցած էր փենալթիներով յաղթել Լիվըրփուլին` գերբաժակի մրցումին: Աւելի՛ն, Քրիսթըլ Փելես իր 5 մրցումներէն 2-ը յաղթած է եւ 3 հաւասարութիւն արձանագրած, առանց պարտութիւն կրելու: Լիվըրփուլ, որ իր 5 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտեց գրեթէ բոլոր մրցումներուն ալ մրցումի վերջին վայրկեաններուն է, որ վճռական կոլ մը (կամ 2) նշանակելով յաղթեց Պորնմաութին (4-2), Նիւքեսըլին (3-2), Արսենալին (1-0), Պըրնլիին (1-0) եւ Էվըրթընին (2-1):
Լիվըրփուլ 5 կէտի առաւելութիւն ունի Արսենալ – Թոթենհամ – Պորնմաութ եռեակին վրայ, որոնք յաջորդաբար պիտի մրցին Նիւքեսըլի, Վուլվզի եւ Լիծ Եունայթըտի դէմ:
Սպանիոյ մէջ «Լա լիկա»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտ 7-րդ հանգրուանին «տերպիի» մրցում ունի կատարելիք դրացի-թշնամի Աթլեթիքօ Մատրիտի դաշտին վրայ:
Ռէալ Մատրիտ 2022-էն ի վեր չէ կրցած յաղթել Աթլեթիքոյի դաշտին վրայ:
Իտալիոյ մէջ, «Սերի Ա.»-ի ախոյեան Նափոլի, 5-րդ հանգրուանին դժուար մրցում մը ունի կատարելիք վաղը գիշեր, Սան Սիրոյի մէջ` Ա. Սէ. Միլանի դէմ:
Անցեալ տարեշրջանին Նափոլի երկու ճակատումներուն ալ կրցած էր յաղթել Միլանի ակումբին, որ իր դաշտին վրայ 2014-էն ի վեր միայն 3 անգամ կրցած է յաղթել: Կրնայ պատահիլ, որ մրցումը հաւասարութեամբ աւարտի, արդիւնք մը, որմէ կրնայ օգտուիլ Բ. դիրքը գրաւող Եուվենթուս, որ 2 կէտով ետ կը մնայ Նափոլիէն եւ 1 կէտով կը գերազանցէ Ա. Սէ. Միլանը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Եւրոպայի լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններուն յայտագիրը.
ԱՆԳԼԻԱ
ԱՅՍՕՐ
Պրենթֆորտ – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Չելսի – Պրայթըն
Քրիսթըլ Փելես – Լիվըրփուլ
Լիծ Եունայթըտ – Պորնմաութ
Մանչեսթըր Սիթի – Պըրնլի
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Սանտըրլենտ
Թոթենհամ – Վուլվզ
ՎԱՂԸ
Ասթոն Վիլա – Ֆուլհամ
Նիւքեսըլ – Արսենալ
ՖՐԱՆՍԱ
ԱՅՍՕՐ
Լորիան – Մոնաքօ
Թուլուզ – Նանթ
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Օքսեռ
ՎԱՂԸ
Նիս – Փարիզ Ֆ. Ք.
Անժէ – Պրեսթ
Մէձ – Լը հաւր
Լիլ – Լիոն
Ռենն – Լանս
ԳԵՐՄԱՆԻԱ
ԱՅՍՕՐ
Հայտընհայմ – Աուկզպուրկ
Մայնց – Տորթմունտ
Զանքթ Փաուլի – Պայեր Լեւերքուզըն
Վոլֆսպուրկ – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
ՎԱՂԸ
Ֆրայպուրկ – Հոֆենհայմ
Ֆ. Ք. Քէօլն – Շթութկարթ
Ունիոն Պերլին – Համպուրկ Ս. Վ.
ԻՏԱԼԻԱ
ԱՅՍՕՐ
Քոմօ – Քրեմոնեզէ
Եուվենթուս – Աթալանթա
Քալիարի – Ինթեր Միլան
ՎԱՂԸ
Սասուոլօ – Ուտինեզէ
Փիզա – Ֆիորենթինա
Ա. Էս. Ռոմա – Վերոնա
Լեչէ – Պոլոնիա
Ա. Սէ. Միլան – Նափոլի
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Փարմա – Թորինօ
Ճենովա – Լացիօ Ռոմա
ՍՊԱՆԻԱ
ԱՅՍՕՐ
Խեթաֆէ – Լեվանթէ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ռէալ Մատրիտ
Մայորքա – Ալաւես
Վիարէալ – Աթլեթիք Պիլպաօ
ՎԱՂԸ
Ռայօ Վայեքանօ – Սեւիլիա
Էլչէ – Սելթա Վիկօ
Պարսելոնա – Ռէալ Սոսիետատ
Ռէալ Պեթիս – Օսասունա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Վալենսիա – Ռէալ Օվիետօ