Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլի Առաջին Պարտութիւնը

September 29, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր Անգլիոյ Լիվըրփուլ «Փրեմիեր լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով բաւական դժուար մրցում մը ունէր Լոնտոնի «Սելհըրսթ Փարք»-ին մէջ, ուր Քրիսթըլ Փելես կը շարունակէ իր լաւ ելոյթները` մրցանիշ մըն ալ բարելաւելով ակումբի պատմութեան մէջ 18 յաջորդական մրցումներ անյաղթ մնալով:

Սենեկալցի յառաջապահ Իսմայիլա Սարր տարեշրջանի իր 4-րդ կոլը նշանակեց, երբ քոռնըրէ մը ետք Լիվըրփուլի Ռայըն Կրաւենպերխ գլխու հարուածով ետ մղած էր գնդակը եւ հասած Սարրի, որ ռմբային հարուածով բացաւ մրցումին հաշիւը 9-րդ վայրկեանին:

20-րդ վայրկեանին Կրասենպերխ փորձեց գրաւել Քրիսթըլ Փելեսի բերդը, Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին բերդապահ Տին Հենտէրսոն զսպեց զայն բերդի սիւնին օգնութեամբ:

Մինչեւ կիսախաղ Փելես քանի մը առիթ եւս ստեղծեց կոլ նշանակելու», բայց ապարդիւն: Ժան-Ֆիլիփ Մաթեթայի անզսպելի հարուածը կրցաւ զսպել… Լիվըրփուլի բերդի սիւնը:

Բ. կիսախաղին Լիվըրփուլ շատ աւելի լաւ էր եւ կրցաւ քանի մը լուրջ առիթներ ստեղծել Վերցի եւ Իսաքի միջոցով, բայց անոնց հարուածները չկրցան կոլի վերածուիլ:

87-րդ վայրկեանին իտալացի Ֆետերիքօ Քիեզա նշանակեց Լիվըրփուլի հաւասարութեան կոլը, որ ՎԱՐ-ին վրայ լաւ մը կրկնուած նկարներով ստուգելէ ետք վաւերացուեցաւ, հակառակ անոր որ գնդակը Սալահի ձեռքին դպած էր յարձակումի պահուն…

Կը կարծուէր, որ բախտը անգամ մը եւս պիտի ժպտի Լիվըրփուլին, որ վերջերս «վարժուեցաւ» 90 վայրկեաններէն ետք կոլ նշանակել, բայց Քրիսթըլ Փելես ինք էր, որ կոլ նշանակեց 97-րդ վայրկեանին, երբ երկար խաղցուած փոխանցումէ մը ետք, Մարք Կեհի գլխու փոխանցում տուաւ Էտի Նքեթիային, որ հանդարտօրէն նշանակեց Ալիսոնի բերդին մէջ:

Շաբաթ օրուան մրցումները սկսած էին մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ, ուր Պրենթֆորտ կը հիւրընկալէր Մանչեսթըր Եունայթըտը:

Պրենթֆորտ շատ աւելի վճռական էր մրցակիցի բերդին դիմաց եւ 2 կոլեր նշանակեց մրցումի առաջին 20 վայրկեաններուն պրազիլցի Իկոր Թիակոյի շնորհիւ:

Լիվըրփուլի նախկին խմբապետ Ճորտըն Հենտերսոն կատարեց առաջին կոլին փոխանցումը: Եունայթըտ նշանակեց կոլ մը շնորհիւ Շեշքոյի: Բ. կիսախաղին Եունայթըտ աւելի տիրապետեց, բայց Պրենթֆորտ ինք էր, որ կոլի առիթներ ստեղծեց: Բերդապահ Ալթայ Պայընտըր լաւ ձեւով զսպեց Պրենթֆորտի առիթները: 72-րդ վայրկեանին Պրայըն Էմպուեմ ֆաուլի ենթարկուեցաւ, բայց իրաւարարը շարունակեց մրցումը… ՎԱՐ-ի սենեակէն իրաւարարին յայտնեցին, որ պէտք է ստուգէ իր որոշումը: Փենալթի ունէր Եունայթըտ, եւ Պրունօ Ֆեռնանտեշ չկրցաւ պարտութեան մատնել Լիվփըրուլի նախկին իրլանտացի բերդապահ Քուիվըն Քելեհերը, որ զսպեց զայն:

Եունայթըտ, որ նախկին 5 հանգրուաններուն ամէնէն շատ առիթ ստեղծած խումբն էր, չկրցաւ վտանգ ստեղծել Պրենթֆորտի բերդին վրայ, աւելի՛ն` 95-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ ստացաւ Մաթիաս Ենսընի միջոցով:

Ստորեւ արդիւնքները.

Թոթենհամ – Վուլվզ 1-1
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Սանտըրլենտ 0-1
Չելսի – Պրայըն 1-3
Քրիսթըլ Փելես – Լիվըրփուլ 2-1
Լիծ Եունայթըտ – Պորնմաութ 2-2
Մանչեսթըր Սիթի – Պըրնլի 5-1
Պրենթֆորտ – Մանչեսթըր Եունյթըտ 3-1

Նախորդը

«Լիկ 1. Փարիզ Սեն Ժերմեն Վերագրաւեց Պարագլուխի Դիրքը

Յաջորդը

«Սերի Ա.» Ինթեր Միլան Վերադարձաւ Յաղթանակներու Ճամբան. Եուվէ Չկրցաւ Յաղթել Աթալանթային

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր  Մարզիկները Պատուեց
Մարզական

Հեծելարշաւ. Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր Մարզիկները Պատուեց

January 31, 2026
Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց  Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն
Մարզական

Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն

January 31, 2026
Ֆութսալ.  Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա
Մարզական

Ֆութսալ. Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.