Անցեալ տարուան Իտալիոյ փոխախոյեան Ինթեր Միլան «Սերի Ա.»-ի իր 5-րդ մրցումին արձանագրեց իր 3-րդ յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Քալիարիի դաշտէն:
Արժանթինի խմբապետ Լաութարօ Մարթինես վերջապէս բարձր մակարդակի մրցում ունեցաւ եւ 9-րդ վայրկեանէն իսկ գլխու գեղեցիկ հարուածով նշանակեց Ինթերի առաջին կոլը:
Բ. կիսախաղին Չալհանօղլուի հարուածին զսպուելէն ետք Քալիարիի բերդի սիւնին կողմէ, Քալիարի իր կարգին գնդակը հասցուց Ինթերի բերդին սիւնին: 82-րդ վայրկեանին Ֆետերիքօ Տիմարքոյի փոխանցումէն ետք Ֆրանչեսքօ Փիօ Էսփոզիթօ նշանակեց Ինթերի 2-րդ կոլը: Վայրկեաններ ետք Հենրիխ Մխիթարեանի հարուածը քիչ մնաց մուտք գործէր Քալիարիի բերդին մէջ, բայց ձախ սիւնին դպնալով դուրս ելաւ:
Եուվենթուս, որ կը հիւրընկալէր Աթալանթան, առաջին կիսախաղին մեծ թիւով առիթներ ունէր, բայց կիսախաղ չեղած կոլ ստացաւ, երբ Քամալետին Սուլեմանա առանձին յարձակեցաւ եւ անզսպելի հարուածով նշանակեց անակնկալ կոլ մը:
Բ. կիսախաղին Աթալանթա քիչ մնաց կոլ մը եւս աւելցնէր, բայց Եուվէի բերդապահ Միքելէ Տի Կրեկորիօ զսպեց առիթը:
Քոլոմպիացի յետսապահ Խուսան Քապալ նշանակեց Եուվէի հաւասարութեան կոլը 78-րդ վայրկեանին: Աթալանթայէն Մարթէն Տը Ռուն իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով վտարուեցաւ 80-րդ վայրկեանին:
Եուվէ առիթներ ունէր ձեռք ձգելու 3 կէտերը, բայց ապարդիւն մնացին առիթները:
Քոմօ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Քրեմոնեզէի հետ: