Յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին բռնցքամարտի հոյակապ երեկոյ մը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի «Տինամօ» մարզադաշտին մէջ` մասնակցութեամբ հայ մարտիկներու:
Կարեւորագոյն մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ փորձառու հայ բռնցքամարտիկ Արամ Աւագեանը (11-1-3) եւ ապագայ խոստացող ուզպեք բռնցքամարտիկ Նոտերպեք Սոյպով (10-1): Աւագեանի համար իւրայատուկ պիտի ըլլայ այս մրցումը, ուր ան տարիներով Միացեալ Նահանգներու մէջ մրցելէ ետք առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ պիտի ունենայ իր հայրենիքին մէջ:
Եւրոպայի ախոյեան Անի Յովսէփեան իր կարգին իր արհեստավարժ ասպարէզի առաջին մրցումը պիտի ունենայ: Այս ամրան ան յայտարարած էր, որ վերջ դրած է իր ոչ արհեստավարժ ասպարէզին, եւ այժմ արհեստավարժ ասպարէզը պիտի սկսի սերպ Քսենիա Մետիչի դէմ (4-37-3):
Յայտագիրին վրայ են նաեւ Վլատիսլաւ Այրիեան (10-0), Հայաստանի ազգային խումբի անդամ Զաւէն Գալստեան եւ այլ նորեկ հայ աստղեր: