Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 7-րդ հանգրուանին, մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ Աթլեթիքօ Մատրիտ իր «Մեթրոփոլիթանօ» դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռէալ Մատրիտը, որ իր նախկին 6 մրցումներուն ալ յաղթած էր:
Ռոպին Լը Նորման 14-րդ վայրկեանին նշանակեց Աթլեթիքոյի եւ մրցումի առաջին կոլը: Ռէալ կրցաւ պատասխանել եւ 10 վայրկեաններու ընթացքին յաջորդական երկու կոլեր նշանակեց Էմպափէի (25) եւ Կիւլերի (35) միջոցով:
Կիսախաղէն քիչ մը առաջ Ալեքսանտր Սորլոթ նշանակեց 2-2-ի կոլը: Բ. կիսախաղին Խուլիան Ալվարես նշանակեց երկու կոլ, մէկը փենալթիով, իսկ միւսը ազատ հարուածով: 93-րդ վայրկեանին վեթերան Անթուան Կրիզման կոլ մը եւս աւելցուց, եւ Աթլեթիքօ կրցաւ ծանր պարտութեան մատնել Ռէալը: Աթլեթիքօ Մատրիտի համար շատ կարեւոր էր այս յաղթանակը` նկատի ունենալով, որ Տիեկօ Սիմէոնէի մարզած խումբը 6 մրցումներէն 9 կէտեր ունէր միայն:
Այժմ 6 կէտեր կը բաժնեն Ռէալն (18 կէտ) ու Աթլեթիքոն, որ 4-րդ դիրք բարձրացաւ: