Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը Լուէյզիէն` Կէտի Մը Տարբերութեամբ (92-91)

Նոյեմբեր 8, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երէկուան մրցումէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լուէյզին:

ՀՄԸՄ իր այս մրցումը սկսաւ երեք յաղթանակէ, մինչ Լուէյզի` 4 պարտութենէ ետք:

Ճնշումը բնականաբար հիւր կազմին վրայ էր, որ պիտի փորձէր արձանագրել տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը:

Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ Լուէյզի, որուն մարզիկները պայքարեցան մրցումին ընթացքին, յաղթական դուրս եկան այս ճակատումէն` կէտի մը տարբերութեամբ` 92-91 արդիւնքով տանելով վերջնական յաղթանակը (24-29, 35-15, 13-32 եւ 19-16):

Ինչպէս նկատելի էր, եթէ ՀՄԸՄ տիրապետեց երկրորդ քորթըրին, անդին Լուէյզիի անկիւնադարձային պահը եղաւ երրորդ քորթըրը:

Յամենայն դէպս, մրցումը եղաւ ակնկալուածէն շատ աւելի հետաքրքրական եւ տաք` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր մարզիկ իր խումբին համար կը փորձէր կէտեր ապահովել:

ՀՄԸՄ-էն Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 28 կէտ, Սամուէլ Եանկ` 24 կէտ, 9 ռիպաունտ, Մաքրամ Պըն Ռամատան` 15, Իսմայիլ Ահմետ` 13:

Մրցումին լաւագոյն սքորըրը եղաւ Մարվել Հերիս` 31 կէտով, մինչ անոր խմբակից Թրեւիս Ֆրանքլին նշանակեց 29 կէտ: Անոնց խմբակից Պրենտըն Մոպլի, որ տապըլ տապըլ մը իրագործեց (11 կէտ, 15 ռիպաունտ), ֆաուլ-աութով դուրս ելաւ մրցումէն:

Պէտք է նշել, որ Լուէյզիի ձեռք ձգած ռիպաունտները (50` փոխան 27-ի) կրցան նպաստել խումբին, որ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգէ:

ՀՄԸՄ-ի համակիրները երէկ գիշեր եղան տիրական ներկայութիւն թրիպիւնին վրայ:

Տիք Մըհտիի մէջ, 6-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Շանվիլ, որ հիւրընկալեց Մութթահետը, արձանագրեց իր վեցերորդ յաջորդական յաղթանակը` 69-58 արդիւնքով: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պրենտըն Եանկ` Շանվիլէն (23): Իսկ Մութթահետէն երեք մարզիկներ տապըլ-տապըլ իրագործեցին. անոնք են` Տեմարիուս Պոլտծ (15 կէտ, 10 ռիպաունտ), Տերիըն Թաունզ (15 կէտ, 17 ռիպաունտ) եւ Ռիքարտօ Փաուըլ (18 կէտ, 12 ռիպաունտ):

 

Նախորդը

Փինկ Փոնկ. Արաբական Ակումբներու 29-րդ Ախոյեանութիւն. Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Պաշտօնական Բացման Հանդիսութիւնը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Բռնցքամարտ.  Թեմուր Մամոյեան` Աշխարհի Ախոյեան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Թեմուր Մամոյեան` Աշխարհի Ախոյեան

Դեկտեմբեր 9, 2025
Պասքեթպոլ.  Այսօր` Մարիսթ-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Մարիսթ-ՀՄԸՄ

Դեկտեմբեր 9, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Լանտօ Նորիս` «Ֆորմիւլա 1»-ի Աշխարհի 35-րդ Ախոյեանը
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Լանտօ Նորիս` «Ֆորմիւլա 1»-ի Աշխարհի 35-րդ Ախոյեանը

Դեկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?