«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Տալաս Մավըրիքս արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը Ուաշինկթընի մէջ, երբ 113-99 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուիզըրտծը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Հերիսըն Պառնզ նշանակեց 31 կէտ:
Երէկուան մրցումներուն մեծագոյն յաղթանակը արձանագրեց Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ 124-119 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Միլուոքի Պաքսին, հակառակ անոր որ վերջինիս մաս կազմող Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ նշանակեց 40 կէտ: Քաւալիրզէն Քեւին Լովէ նշանակեց 32 կէտ:
Ինտիանայի մէջ, Փէյսըրզ 117-112 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Նիւ Օրլինզէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 37 կէտ:
Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տենվըր Նակեթցի մարզիկներէն Նիքոլա Ժոքիչ (41), երբ անոր կազմը 112-104 արդիւնքով յաղթեց Պրուքլին Նեթցի:
Փորթլենտի մէջ, Թրէյլ Պլէյզըրզ կէտի մը տարբերութեամբ 98-97 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Մեմֆիս Կրիզլիզէն:
Ռասըլ Ուեսթպրուքի կազմը` Օքլահոմա Սիթի, 94-86 արդիւնքով պարտուեցաւ Սաքրամենթօ Քինկզէն: Ան նշանակեց 20 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Միլուոքի Պաքս | 124-119 |
| Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Օրլինզ | 112-117 |
| Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Տալաս Մավըրիքս | 99-113 |
| Նիւ Եորք Նիքս – Շարլոթ Հոռնեթց | 118-113 |
| Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Շիքակօ Պուլզ | 119-114 |
| Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ | 120-107 |
| Տենվըր Նակեթց – Պրուքլին Նեթց | 112-104 |
| Եութա Ճեզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 97-104 |
| Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 97-98 |
| Սաքրամենթօ Քինկզ – Օքլահոմա Սիթի | 94-86 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Օրլանտօ Մեճիք – Նիւ Եորք Նիքս
Պոսթըն Սելթիքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Մայեմի Հիթ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ


