Կազմակերպութեամբ Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին, 9-էն 13 հոկտեմբեր 2017-ին, Պուտափեշթի մէջ, տեղի ունեցաւ արժանաւոր մակարդակի իրաւարարներու դասընթացք, որուն մասնակցեցան Եւրոպայէն 11 ներկայացուցիչներ եւ Լիբանանէն Հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան: Հինգ օրերու վրայ երկարող այս դասընթացքին ներկայացուեցան տեսական նիւթեր եւ գործնական վարժանքներ, որոնք աւարտեցան մասնակիցներու գրաւոր եւ բանաւոր քննութիւններով: Դասընթացքի աւարտէն երկու շաբաթ ետք, մասնագէտներու հսկողութեամբ մասնակիցներու քննութիւններու արդիւնքները ամփոփուեցան, որոնց համաձայն Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց սոյն դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտած մասնակիցներուն անունները: Այսպիսով, Վաչէ Ծատուրեան հանդիսացաւ առաջին հայը եւ արաբական աշխարհի առաջին ներկայացուցիչը, որ կ՛արժանանայ այս կոչումին եւ կը վկայուի իբրեւ արհեստավարժ իրաւարար` Մաունթըն Պայքի արժանաւոր մակարդակի:
Իսկ օրեր առաջ, Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակուած այլ հաղորդագրութեամբ մը Վաչէ Ծատուրեանը նշանակեց Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի Մաունթըն Պայքի յանձնախումբի անդամ: Նշենք, որ այս յանձնախումբին վերապահուած է Մաունթըն Պայքի համաշխարհային ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն վերահսկողութիւնը:


