Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին Մըրուժի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ «4×4 Քրիթերիում-2017»-ի 31-րդ մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ ճիփեր:
Այս մրցումը եղաւ ընթացիկ տարեշրջանի 3-րդ եւ վերջին հանգրուանը` 4×4 Լիբանանի ախոյեանութեան շրջագիծին մէջ:
Առաջին դիրքը գրաւեց Թոնի Ժալպութ («Ճիփ-Շիրոքի»), որ արձանագրեց 9′ 05″ 37 արդիւնք մը: Անոր ետին, 9′ 15″ 12 արդիւնք մը արձանագրելով 2-րդ դիրքը գրաւեց Քամիլ Թաննուրի, իսկ 3-րդ դիրքը 9′ 25″ 34 արդիւնքով` Ռաուատ Հաթում (երկուքն ալ` դարձեալ նոյն մակնիշով ինքնաշարժ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը «Վիլաճիօ» համալիրին մէջ` ներկայութեամբ Մըրուժի քաղաքապետ Էլի Տաղերի (Լիբանանի անցեալի 4×4-ի ախոյեան), ինչպէս նաեւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներու, մեծ թիւով այս մարզի սիրահարներու, ինչպէս նաեւ` մարզական լրագրողներու:
Այսպիսով, այս մրցումով «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յաջողութեամբ աւարտեց իր 2017 տարեշրջանը, որուն ընթացքին զանազան մարզաձեւերու ծիրին մէջ կազմակերպեց բազմաթիւ ախոյեանութիւններ եւ մրցաշարքեր, ներառեալ` ռելի, քարթինկ եւ այլն:
Տարիներու իր սովորութեան համաձայն, մօտիկ ապագային «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» պիտի յայտարարէ, թէ ե՞րբ պիտի կատարէ 2017 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը:


