
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Հուփսը:
Մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի եւ Արաբական աշխարհի ախոյեան ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով, որ 82-56 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին (19-11, 22-12, 28-17 եւ 13-16):
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էյփրըլ Սայքս (34 կէտ), ապա յաջորդաբար` Լաթոյա Ուիլիըմզ (13), Ռեպեքքա Աքըլ (10), Սանտրա Նաժըմ (9), Մեղրի Թորոսեան, Լէյլա Ֆարես (7-ական) եւ Ֆարահ Հարաքէ (2):
Պէտք է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կրցան բաւական լաւ ներկայացում մը ունենալ եւ կիրարկել խմբային խաղաոճ մը:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Ռիատի Պէյրութ Մանարայի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Անդրանիկ Պէյրութը: