Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարելիք յառաջիկայ երկու մրցումներուն իրաւարարները պիտի ըլլան Վրաստանէն:
9 նոյեմբերին Հայաստան – Պիելոռուսիա մրցումին կեդրոնի իրաւարարն է Լաշա Սիլակաւա: Նշենք սակայն, որ չորրորդ իրաւարարն է Գէորգ Եղոյեան:
Իսկ 13 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստան – Կիպրոս մրցումին իրաւարարն է Կէորկի Վատաչքորիա: Չորրորդ իրաւարարին անունը պիտի յստականայ աւելի ուշ:
Վերոնշեալ երկու մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան Երեւանի Հանրապետական մարզադաշտին վրայ:


