Յունաստանի մէջ աւարտած Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց առաջին խաղատախտակին վրայ եւ արժանացաւ ոսկի մետալին, իսկ երրորդ խաղատախտակին վրայ հանդէս եկած Գաբրիէլ Սարգսեան ստացաւ արծաթ մետալը, յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Արոնեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 7 մրցումի, մինչ Սարգսեան մասնակցեցաւ բոլոր մրցումներուն:
Յիշեցնենք, որ իր կատարած 9 մրցումներուն Հայաստան արձանագրեց 3 յաղթանակ, 4 հաւասարութիւն եւ կրեց երկու պարտութիւն` ապահովելով 10 կէտ:


