Երէկ` չորեքշաբթի, 28 փետրուարին վերսկսաւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` ձմեռնային իր արձակուրդը աւարտելէ ետք: Բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ կատարուեցան 2 մրցումներ:
Այժմու յառաջատար Ալաշկերտ իր դաշտին վրայ նուազագոյն արդիւնքով պարտուեցաւ Շիրակ Գիւմրիէն, մինչ երկրորդ մրցումին, Փիւնիկ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին Բանանցին:
Սերպ միջնապահ Իկոր Սթանոյեւիչ նշանակեց Շիրակի կոլը (14-րդ), մինչ Փիւնիկէն տուպլէ մը իրագործեց Պետրոս Աւետիսեան (28-րդ եւ 88-րդ` փենալթիով):
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ Բանանց-2 մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Արարատ – Գանձասար Կապան մրցումը:
Այժմ Ալաշկերտ ունի 30 կէտ, Գանձասար Կապան` 24, Բանանց եւ Շիրակ` 22-ական, իսկ Փիւնիկ` 20:



