Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ 20-28 մարտին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունենալիք Տուպայի ֆութպոլի բաժակ-2018-ի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը:
Հայրենի կազմին մրցակիցները պիտի ըլլան Սէուտական Արաբիոյ, Տաճիկիստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու 19 տարեկանէն վար ազգային խումբերը:



