Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան պատկանող Ուահտէ Ռիատիէի (Պիր Հասանի շրջան) դաշտին վրայ, հարիւրաւոր փոքրերու ներկայութեան, տեղի ունեցաւ Ինթեր Միլանի Լիբանանի ակադեմիային պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը:
Փորձերուն մասնակցեցաւ նաեւ Ինթեր Միլան ակումբի փոխնախագահ Խաւիէ Զանեթթի, որ այս անգամ մարզական տարազ հագած կարեւոր ցուցմունքներ տուաւ ֆութպոլասէր մանուկներուն:
Փորձերուն մասնակցեցան նաեւ իտալացի եւ լիբանանցի փորձառու մարզիչներ:
Այս ակադեմիայի բացման աշխատանքին մէջ իր մեծ եւ կարեւոր դերը ունեցաւ անոր նախագահը` Շերիֆ Ուըհպի:
Ուըհպի իր խօսքին մէջ յոյս յայտնեց, որ այս ակադեմիան շուտով ապագայի ֆութպոլիստներ կու տայ Լիբանանին, եւ ինք արդէն ունէր այս նպատակը:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ




