Ռուսական մամուլը հաղորդեց, որ միջազգային ողիմպիական կոմիտէն դադրեցուց Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէին ժամանակաւոր որակազրկումը, որ ուժի մէջ մտած էր 5 դեկտեմբեր 2017-էն սկսեալ:
«Յատուկ նամակ մը ստացանք Միջազգային ողիմպիական կոմիտէէն, որ կը վերաբերի Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէի կարգավիճակի վերականգնման: Անոր մէջ գրուած է, որ մեր բոլոր մարզիկներուն վերաբերեալ խթանիչ բոլոր դեղերու գործածութեան քննութիւններուն արդիւնքները բացասական են: Ասիկա կը նշանակէ, որ մեր իրաւունքները վերականգնած են, եւ մենք ողիմպիականի ընտանիքին անդամ ենք», ըսաւ Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ալեքսանտր Ժուքով:
Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Փիոնկ Չիանկի մէջ (Հարաւային Քորէա) աւարտած ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, թէեւ Ռուսիա կախակայուած էր անոր մասնակցելէ, սակայն ռուս մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը բերին «ողիմպիական մարզիկներ` Ռուսիայէն» անունին տակ:



