Մարզական

12 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով. Անգլիոյ Մէջ Միւրէյ Կորսնցուց Պարագլուխի Դիրքը

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց աշխարհի ընդհանուր նոր դասաւորումը, որուն մէջ անգլիացի Էնտի Միւրէյ նահանջեց 29-րդ դիրք: Անոր այս նահանջը, ո՛չ միայն միջազգային դասաւորման մէջ իր վատ անդրադարձը ունեցաւ, այլ նաեւ Անգլիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ 30 տարեկան Միւրէյ 12 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով անգլիացի թենիսմեններուն մէջ նահանջ արձանագրեց եւ իր տեղը զիջեցաւ Քայլ Էտմունտին, որ բարձրացաւ 24-րդ դիրք:...

Տիեկօ Լոփես Ուշագնաց Եղաւ

«Լա լիկա»-ի 27-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Լեվանթէ, որ հիւրընկալեց Էսփանիոլը, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ: Անկախ արդիւնքէն, Լեվանթէի բերդապահ Տիեկօ Լոփես փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, երբ ուշագնաց եղաւ` մրցակից կազմի մը հետ բախում ունենալէ ետք: 36 տարեկան բերդապահը այս միջադէպէն անմիջապէս ետք տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց` յատուկ քննութիւններու ենթարկուելու համար:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի – ՀՄԸՄ` 86-85

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Ռիատի, Մանարայի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: Մրցումին տեւողութեան Ռիատի եղաւ տիրապետողը եւ մրցումին ընթաքին կէտերու տարբերութիւնը նոյնիսկ հասցուց քսանի (71-51): Ընդհանրապէս կը կարծուէր եւ մրցումին հետեւողները այն տպաւորութիւնը ունէին, որ դաշտին տէրը պիտի արձանագրէ կէտերու մեծ տարբերութեամբ յաղթանակ մը: Սակայն Ռիատի արձանագրեց միայն մէկ կէտի մը...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբը Կարեւոր Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ահլի Սայտայի Դէմ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուած շաբաթ օրուան մրցումին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Ահլի Սայտայի դէմ: Այսպիսով խումբը վերջնականապէս հեռացուց Գ. դասակարգ փոխադրուելու վտանգը, որ կը սպառնար խումբին: Յաղթանակը կարեւոր էր, որովհետեւ յաւելեալ պարտութեան մը պարագային խումբին կացութիւնը պիտի վատթարանար: Յակոբ Տօնապետեանի (61-րդ) եւ Սերժ Չաքըրեանի (77-րդ) նշանակած երկու...

Ֆիորենթինայի Խմբապետը` Ասթորին Մահացաւ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի բոլոր մրցումները նախորդ շաբաթավերջին յետաձգուեցան` Ֆիորենթինայի խմբապետ Տաւիտ Ասթորիի մահուան պատճառով: 31 տարեկան իտալացին յանկարծամահ եղած է իր իջեւանած պանդոկին մէջ: Անոր կազմը, Ուտինեզէի դէմ (այս վերջինին դաշտին վրայ) մրցում մը ունէր կատարելիք: Յայտարարուեցաւ, որ ան մահացած է քնացած պահուն: Նշենք, որ ան Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կատարած է 14 մրցում, նշանակելով մէկ կոլ:...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ-ի Կազմերուն Մրցումներուն Արդիւնքները

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ Ռիսելէի դաշտին վրայ (Սարաֆանտ) հիւրը եղաւ Հումին Ֆաուքայի, կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կոլերը նշանակեցին Սերժ Մելիքեան եւ Սերժ Տօնապետեան: Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ Պէյրութի կատարած մրցումին (Գ. դասակարգ), ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունենալով, 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին պարագլուխի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, շաբաթ, 3 մարտին «ՀԲԸՄ»-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), տեղի ունեցած ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Հուփս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաղթանակով` 68-37 արդիւնքով (18-13, 15-6, 30-8 եւ 5-10): ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին` Ռեպեքքա Աքըլ (17), Էյփրըլ Սայքս (14), Մեղրի Թորոսեան (11), Ֆարահ Հարաքէ (9), Վիքի Մաքինթայր (7), Նաթալի Սվաճեան (5), Սանտրա Նաժըմ (3), Լէյլա Ֆարես (2):

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Հուփս` 72-61

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը երէկ` կիրակի, Ատապ Ուալ Ռիատա Քաֆարշիմայի դաշտին վրայ մրցեցաւ Հուփսի դէմ: ՀՄԸՄ-ի աղջիկները` 72-61 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով, աւարտեցին իրենց այս մրցումը եւ այսպիսով կարեւոր քայլ մը առին դէպի Բ. դասակարգ: Ֆիտաա Սայտայի դէմ տեղի ունենալիք վերջին մրցումին եթէ ՀՄԸՄ արձանագրէ այլ յաղթանակ մըն...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Տիրացաւ Երկու Առաջնութեան

Լիբանանի քոնկ ֆու-Ուու շուի ֆետերասիոնին կազմակերպած Լիբանանի բաժակի մրցաշարքի քինտա մարզախաղի 12-էն 17 տարիքային մրցումները տեղի ունեցան կիրակի, 4 մարտ 2018-ին, Շեպիպէ Շիահ ակումբին մէջ: ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղէն Նարեկ Կիւրիւնեան եւ Նայա Խուրի տիրացան առաջնութեան իսկ Էլիօ Ռիհանի` երկրորդ դիրքին: Կը շնորհաւորենք երեք մրցանակակիրները: Վարձքը կատար մարզիչին եւ ծնողներուն:

Ֆլորիտայի Դպրոցին Մէջ 20 Աշակերտներու Կեանքը Փրկած 15 Տարեկան Պորկես Պիտի Հանդիպի Մեսսիի Հետ

Պարսելոնա իր բժիշկներուն օգնութիւնը առաջարկեց Ֆլորիտայի Փարքլենտ քաղաքի դպրոցին մէջ, նախորդ 14 փետրուարին տեղի ունեցած հրացանաձգութեան ընթացքին, 20 աշակերտներու կեանքը փրկած 15 տարեկան աշակերտ` Անթոնի Պորկեսին, որ հինգ կապար ստացած էր երբ կը փակէր դասարանին դուռը եւ կը կանխէր 14 աշակերտ եւ 3 ուսուցիչ սպաննած 19 տարեկան Նիքոլաս Քրուզի դասարան մուտքը: «Մենք անմիջապէս առաջարկեցինք մեր բժիշկներուն օգնութիւնը, որպէսզի ան շուտով...

2018-ի Մոնտիալ. Պիտի Թոյլատրուի Չորրորդ Ֆութպոլիստի Փոփոխութիւնը

Ֆութպոլի միջազգային միութեան խորհուրդը հաստատեց, որ մրցումի մը երկարաձգման ընթացքին պիտի արտօնուի չորրորդ փոփոխութիւն կատարել: «Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին, չորրորդ փոփոխութեան կիրարկման մասին որոշումը «ՖԻՖԱ»-ն պիտի ընդունի 16 մարտին, իր կատարելիք նիստին ընթացքին», «ՖԻՖԱ»-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի խօսքերը կը մէջբերէ կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ չորրորդ փոփոխութիւնը արդէն իսկ կիրարկուեցաւ նախորդ ամառ, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած միջցամաքամասային ֆութպոլի...

«Լա Լիկա». Մեսսի Կերտեց Պարսելոնայի Յաղթանակը Եւ Նշանակեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին 600-րդ Կոլը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան լա լիկայի 27-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ, երբ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա իր դաշտին` Քամփ-Նու»-ի մէջ հիւրընկալեց իր անմիջական մրցակիցը` 2-րդ, դիրքը գրաւող Աթլեթիքօ Մատրիտը: Պարսա նուազագոյն հաշիւով` 1-0 արդիւնքով, յաղթանակ մը արձանագրելով, 8 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ անոր վրայ եւ շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը: Աւելի քան 90 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Լիոնել...

Նէյմարի Յաջող Վիրաբուժութիւնը

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ` Նէյմար, նախորդ շաբաթավերջին, Պրազիլի մէջ յաջող վիրաբուժութեան մը ենթարկուեցաւ, յայտնեց Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Կը սպասուի, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստը խաղադաշտ վերադառնայ երեք ամիս ետք եւ պատրաստ ըլլայ յունիս-յուլիս 2018-ին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք մոնտիալին: Նշենք, որ Նէյմար վիրաւորուեցաւ նախորդ 25 փետրուարին` Մարսէյի դէմ տեղի ունեցած Լիկ-1-ի  27-րդ հանգրուանին:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Ռիատի – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 4 մարտին, ՀՄԸՄ-ի կազմը հիւրը պիտի ըլլայ Ռիատիին, անոր դաշտին` Մանարայի մէջ: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին: Այսօր եւս տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Շիահի իր դաշտին վրայ երեկոյեան ժամը 17:00-ին Պէյրութ կը հիւրընկալէ Շանվիլը: Վերոնշեալ երկու մրցումները շարունակութիւնն են Ա. հանգրուանի մրցումներուն,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ահլի Սայտա

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 3 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ահլի Սայտան: Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Ամալ Մաարաքէէն կրեց անակնկալ պարտութիւն մը, դասաւորման մէջ դիրք մը եւս նահանջեց եւ այժմ կը գրաւէ 10-րդ վտանգաւոր դիրքը` կոլ-էվըրէյճի տարբերութեամբ ետ մնալով 9-րդ դիրքը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Միլանօ Քաղաքի Տերպին Եւ Պարսելոնա – Աթլեթիքօ Մատրիտ Ճակատումները Պիտի Գրաւեն Լուսարձակները

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, պիտի կատարուին բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ, որոնք բնականաբար պիտի գրաւեն լուսարձակները: Իտալիոյ մէջ ուշագրաւ պիտի ըլլայ վաղը տեղի ունենալիք Միլանօ քաղաքի տերպին` Ա. Սէ. Միլանի եւ Ինթեր Միլանի միջեւ: Այլ զօրաւոր ճակատումի մը ընթացքին, Պարսելոնա իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ իր անմիջական մրցակիցը` երկրորդ դիրքը գրաւող Աթլեթիքօ Մատրիտը: Իտալիոյ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 79-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Հուփս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը արդէն իսկ գրեթէ հասած է իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ աւարտական հանգրուանին գծով մնացած են միայն երեք մրցումներ` երեք խումբերու միջեւ, որոնք իրարու դէմ պիտի մրցին մէկական անգամ: Այդ երեք խումբերուն կարգին է ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջկանց խումբը, որ վաղը` կիրակի, 4 մարտին պիտի մրցի Հուփսի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի կէսօրէ...

Ֆութսալ.  Պէյրութի Դրամատունը Տիրացաւ Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ-ի Կազմերուն Կատարելիք Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը վաղը` կիրակի, 4 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին մրցում մը ունի կատարելիք Հումին Ֆաուքայի կազմին դէմ, Ռիսելէի դաշտին վրայ (Սարաֆանտ): ՀՄԸՄ-ի կազմը այժմ կը գտնուի երրորդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 22 կէտ: Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը իր մրցումը կը կատարէ այսօր,...

Լիբանանի Քոնկ Ֆու- Ուու Շուի Ֆետերասիոնի Համագումար. Տաղլեան, Պաղամեան Եւ Ճէրէնեան Ներկայացուցին Հայկական 3 Ակումբները

Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին տարեկան համագումարը տեղի ունեցաւ «Քուզ Սփայս» համալիրին մէջ (Պաապտա): Անոր ընթացքին քննարկուեցան ֆետերասիոնի 2017-ի վարչական եւ ելեւմտական տեղեկագիրները: Անոր ներկայ գտնուեցան ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած 15 ակումբներէն 12-ը, ինչ որ ժողովը դարձուց օրինական: Անոր ներկայ գտնուեցան նաեւ հայկական 3 ակումբներու երեք ներկայացուցիչները: Սատաքա - Այնճար ակումբը ներկայացուց անոր ատենապետը` Ժաք Տաղլեան, ԱՊՊԱ Պուրճ Համուտը անոր ընդհանուր...

ՖԻՊԱ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Մէկ Դիրքով Յառաջդիմեց

25 փետրուարին Ալպանիոյ դէմ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ (84-65), Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը ՖԻՊԱ-ին կողմէ երէկ հրապարակուած աշխարհի միջազգային նոր դասաւորման մէջ մէկ դիրքով յառաջդիմելով բարձրացաւ 88-րդ դիրք: Ասոր զուգահեռ, Ալպանիա 10 դիրք նահանջելով այժմ կը գրաւէ 91-րդ դիրքը: 2021-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականին յաջորդ մրցակիցը 2 դիրք նահանջելով այժմ 72-րդ է:  

Page 864 of 1278 1 … 863 864 865 … 1,278

Արխիւներ