Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Սաժես Պէյրութ ակումբը խստիւ քննադատեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը եւ իրեն դէմ անոր տուած որոշումները նկատեց անարդար ու պահանջեց ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիայի եւ մնացեալ բոլոր անդամներուն հրաժարականը:
Իր տուած մէկ որոշումին ընթացքին ֆետերասիոնը կախակայած էր Տուայն Ճեքսընը եւ անոր դէմ տուգանք սահմանած: Տուգանքի ենթարկուած էին նաեւ մարզիչ Ֆուատ Ապու Շաքրա եւ պատասխանատու Տենի Շըքէյր:
Բողոքելով ֆետերասիոնին տուած այս որոշումին դէմ` հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունենալիք մրցումներուն, ակումբը դաշտէն դուրս պիտի զետեղէ մեծ պաստառ մը եւ համակիրները հոնկէ պիտի հետեւին մրցումին, որպէսզի դաշտի մուտքին սակերը ֆետերասիոնին սնտուկը չերթան:



