Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ Ռիսելէի դաշտին վրայ (Սարաֆանտ) հիւրը եղաւ Հումին Ֆաուքայի, կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կոլերը նշանակեցին Սերժ Մելիքեան եւ Սերժ Տօնապետեան:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ Պէյրութի կատարած մրցումին (Գ. դասակարգ), ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունենալով, 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին պարագլուխի դիրքը գրաւող Անտաքեթ խումբին դէմ, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է:
Արձանագրուած այս հաւասարութիւնը դասաւորման պատկերին մէջ բան չփոխեց, եւ ՀՄԸՄ շարունակեց 2 կէտով ետ մնալ անկէ, երկրորդ դիրքին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Յակոբ Յակոբեան, Երուանդ Մանասերեան եւ Էլիօ Պու Ղազալի: