Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը երէկ` կիրակի, Ատապ Ուալ Ռիատա Քաֆարշիմայի դաշտին վրայ մրցեցաւ Հուփսի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի աղջիկները` 72-61 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով, աւարտեցին իրենց այս մրցումը եւ այսպիսով կարեւոր քայլ մը առին դէպի Բ. դասակարգ:
Ֆիտաա Սայտայի դէմ տեղի ունենալիք վերջին մրցումին եթէ ՀՄԸՄ արձանագրէ այլ յաղթանակ մըն ալ, պիտի բարձրանայ Բ. դասակարգ:
Նշենք, որ երէկ ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկներն ալ տուին իրենց առաւելագոյնը եւ յաղթելու վճռակամութեամբ պայքարեցան իրենց մրցակիցին դէմ: