Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 4 մարտին, ՀՄԸՄ-ի կազմը հիւրը պիտի ըլլայ Ռիատիին, անոր դաշտին` Մանարայի մէջ: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին:
Այսօր եւս տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Շիահի իր դաշտին վրայ երեկոյեան ժամը 17:00-ին Պէյրութ կը հիւրընկալէ Շանվիլը:
Վերոնշեալ երկու մրցումները շարունակութիւնն են Ա. հանգրուանի մրցումներուն, այսինքն` նախկին կէտերուն վրայ կ՛աւելնան յաւելեալ կէտեր: Բ. հանգրուանի մրցումներուն աւարտին կը սիսին ֆայնըլ-էյթի մրցումները, որոնք պիտի ընթանան նաք-աութի դրութեամբ: