Պարսելոնա իր բժիշկներուն օգնութիւնը առաջարկեց Ֆլորիտայի Փարքլենտ քաղաքի դպրոցին մէջ, նախորդ 14 փետրուարին տեղի ունեցած հրացանաձգութեան ընթացքին, 20 աշակերտներու կեանքը փրկած 15 տարեկան աշակերտ` Անթոնի Պորկեսին, որ հինգ կապար ստացած էր երբ կը փակէր դասարանին դուռը եւ կը կանխէր 14 աշակերտ եւ 3 ուսուցիչ սպաննած 19 տարեկան Նիքոլաս Քրուզի դասարան մուտքը:
«Մենք անմիջապէս առաջարկեցինք մեր բժիշկներուն օգնութիւնը, որպէսզի ան շուտով ապաքինի: Ան, միշտ երազած է այցելել Պարսելոնա եւ տեսնուիլ Լիոնել Մեսսիի եւ այլ ֆութպոլիստներու հետ: Մենք, անոր հօրը ըսինք, որ երջանիկ պիտի ըլլանք այդ հանդիպումը կազմակերպելով», նշուեցաւ Պարսելոնայի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ Անթոնին 2016-ին երկու ամիս, մարզուեցաւ Ֆլորիտայի մէջ գտնուող Պարսելոնայի ակադեմիային մէջ:
Ան կ՛երազէր ըլլալ արհեստավարժ ֆութպոլիստ: