Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան լա լիկայի 27-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ, երբ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա իր դաշտին` Քամփ-Նու»-ի մէջ հիւրընկալեց իր անմիջական մրցակիցը` 2-րդ, դիրքը գրաւող Աթլեթիքօ Մատրիտը:
Պարսա նուազագոյն հաշիւով` 1-0 արդիւնքով, յաղթանակ մը արձանագրելով, 8 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ անոր վրայ եւ շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը:
Աւելի քան 90 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Լիոնել Մեսսի նշանակեց Պարսայի եւ մրցումին միակ կոլը (26-րդ):
Այսպիսով, 30 տարեկան Մեսսի նշանակեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին 600-րդ կոլը (539-ը` Պարսելոնայի հետ, իսկ 61-ը Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ):
Ան այս մէկը կատարեց իր խաղացած 747-րդ մրցումին:
Այժմ, ան, 24 կոլով կը գրաւէ Սպանիոյ ռմբաձիգներուն պարագլուխի դիրքը:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրընկալեց Կեթաֆէն, 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Կերըթ Պէյլ, որ 24-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը ի նպաստ յաղթական կազմին, դարձաւ Սպանիոյ ախոյեանութիւններուն ամէնէն աւելի (117) մրցում կատարած անգլիացի ֆութպոլիստը` այսպիսով գերազանցելով Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիկին` Տէյվիտ Պեքհամի հաստատած մրցանիշը:
Ապա անոր խմբակից Քրիսթիանօ Ռոնալտօ տուպլէ մը իրագործեց (45-րդ եւ 78-րդ): Անոր նշանակած առաջին կոլը 300-րդն էր Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն:
Լիոնել Մեսսիէն ետք ան դարձաւ երկրորդ ֆութպոլիստը, որ կը հասնի 300 կոլի սահմանագիծին:



