Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի բոլոր մրցումները նախորդ շաբաթավերջին յետաձգուեցան` Ֆիորենթինայի խմբապետ Տաւիտ Ասթորիի մահուան պատճառով:
31 տարեկան իտալացին յանկարծամահ եղած է իր իջեւանած պանդոկին մէջ: Անոր կազմը, Ուտինեզէի դէմ (այս վերջինին դաշտին վրայ) մրցում մը ունէր կատարելիք:
Յայտարարուեցաւ, որ ան մահացած է քնացած պահուն:
Նշենք, որ ան Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կատարած է 14 մրցում, նշանակելով մէկ կոլ: