Պէյրութ ակումբի նախագահ Նետիմ Հաքիմ Լիբանանի մէջ Արաբական ակումբներու 31-րդ ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն պատուիրակութիւնները պատուեց յատուկ ընթրիքով մը:
Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամներ, այս մարզին մէջ գործող տարբեր պատասխանատուներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Նետիմ Հաքիմ, յատուկ յուշանուէրներով պատուեց իւրաքանչիւր ակումբի պատուիրակութեան նախագահը կամ ներկայացուցիչը` յոյս յայտնելով, որ անոնք Լիբանան իրենց կեցութեան ընթացքին վայելեցին երկիրը եւ այս ախոյեանութիւնը:
Իր կարգին խօսք առաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի: Ան բոլոր պատուիրակութիւններուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք յայտնեց, որ երբ կը գտնուի Նետիմ Հաքիմի նման «մաքուր» անձ մը, լիբանանեան պասքեթպոլի ապագային վրայ ոչ մէկ վախ կայ:





