Գերմանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ, գերմանացի նախկին անուանի ֆութպոլիստ Եորկըն Քլինսման, որ այժմ անգործ է, կ՛ուզէ դարձեալ վերադառնալ եւ ստանձնել լաւ խումբի մը մարզիչի պաշտօնը:
Ան կը յայտնէ, որ թէեւ 2018-ի մոնտիալէն առաջ շարք մը ակումբներէ առաջարկներ ստացաւ, բայց ուզեց սպասել անոր աւարտին:
Սակայն այժմ դարձեալ կը սերտէ իրեն ներկայացած առաջարկները:
2006-ի մոնտիալին Քլինսման, որ Գերմանիոյ մարզիչն էր, հանդիսացաւ երրորդ: