Երէկ գիշեր իր աւարտին հասաւ Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Արաբական պասքեթպոլի տղոց 31-րդ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը մրցաշարքը հիւրընկալող կազմին` Պէյրութի եւ եգիպտական Իթթիհատ Իսքանտարիի միջեւ:
Մրցումին յաղթականը եւ մրցաշարքին տիտղոսակիրը (5-րդ անգամ ըլլալով) եղաւ Իթթիհատ` արձանագրելով 74-70 արդիւնքով յաղթանակ մը (12-24, 13-16, 16-13 եւ 29-21):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց եգիպտական կազմէն Ռամոն Կալոուէյ (23), մինչ անոր խմբակից, Ահմետ Ռահի` 22:
Պէյրութ թրի փոյնթերու առումով եղաւ բաւական տկար (26-էն` 4-ը միայն):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի երրորդ դիրքի մրցումին, Սալա 84-70 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ՀՄԸՄ-ի դէմ (23-14, 21-12, 17-26 եւ 23-18):
Այս մրցումին ՀՄԸՄ-էն դաշտ չներկայացան Ուոլթըր Հոճ եւ Էլի Ռըսթոմ:
Փաուլօ Պետիկեան, որ դաշտ ներկայացաւ 27′ 22″, բաւական լաւ ելոյթ մը ունենալով նշանակեց 12 կէտ (ներառեալ` 2 թրի փոյնթ):
Երեքական թրի փոյնթ նշանակեցին Քարիմ Զէյնուն եւ Էլի Սթեֆան մինչ Սեւակ Քեթենճեան` 2 թրի փոյնթ:




