Պուէնոս Այրեսի մէջ շարունակուող 2018-ի պատանեկան ամառնային ողիմպիականի խաղերուն ծիրին մէջ, լողարշաւի մրցումներուն Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Արթուր Բարսեղեան ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
50 մեթր ազատ լողի մրցումներուն, ան 23″ 17 արդիւնք մը արձանագրեց զտումի մրցումներուն, իսկ կիսաւարտականին 22″ 69 արդիւնքով մը գրաւեց չորրորդ դիրքը եւ հասաւ աւարտականին:
Այս խաղերը կը շարունակուին, եւ հայրենի մարզիկները տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մէջ պիտի շարունակեն իրենց ելոյթները:



