Սալա – Իթթիհատ Իսքանտարի Կիսաւարտականի 2-րդ Ճակատում
Օրուան մը դադարէ ետք, այսօր` հինգշաբթի, Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենան Արաբական պասքեթպոլի ակումբներու 31-րդ ախոյեանութեան կիսաւարտականի ճակատումները:
Յետմիջօրէի ժամը 15:45-ին տեղի կ՛ունենայ առաջին ճակատումը, երբ նախորդ տարուան փոխախոյեան մարոքեան Սալա խումբը (աւարտականին պարտուած` ՀՄԸՄ-էն), կը մրցի եգիպտական Իթթիհատ Իսքանտարիի դէմ:
Հակառակ անոր որ Սալա ափրիկեան երկիրներու ակումբներու ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած է, սակայն անիկա ցարդ չէ յաջողած այս մրցաշարքին տիտղոսի տիրանալ:
Պէյրութի մէջ ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներուն Սալա երբեք չէ պարտուած:
Իր կարգին, տիտղոսին պիտի փորձէ տիրանալ Իթթիհատ` իր պատմութեան մէջ հինգերորդ անգամն ըլլալով (վերջինը` 1996-ին):
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, որ սկիզբ պիտի առնէ ժամը 17:45-ին, տիտղոսակիր ՀՄԸՄ զուտ լիբանանեան ճակատումին իր դէմ պիտի ունենայ կազմակերպիչ ակումբը` Պէյրութը:
Հակառակ անոր որ այս մրցաշարքին գծով իր կատարած առաջին մրցումին ՀՄԸՄ պարտութիւն մը կրեց Սալայէն, սակայն խումբը հետզհետէ սկսաւ գտնել ինքզինք եւ արձանագրել յաջորդական յաղթանակներու շարք մը:
Պէտք է նշել, որ խումբին մարզիկներուն կէսէն աւելին թէեւ նորեկներ են, սակայն անոնք կրցան շուտով վարժուիլ իրարու եւ դարձեալ յառաջացնել տինամիք կազմ մը:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն այսօր կ՛ակնկալուի յաղթանակ կերտելու նպատակով մրցիլ Պէյրութի դէմ, իսկ խումբին համակիրներէն` խիտ շարքերով ուղղուիլ Շիահի մարզադաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
 
			


