Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն, Հազմիէի իր կեդրոնատեղիին մէջ նիւթական պարգեւներ յանձնեց այն մարզիկներուն, որոնք տարբեր գոյնի մետալներու տիրացած էին այս տարի Ճաքարթայի մէջ տեղի ունեցած Ասիական 18-րդ խաղերուն:
Նիւթական յատուկ պարգեւներ ստացողները եղան հետեւեալները.
Ռէյ Պասիլ – Ալեն Մուսա (խմբային ոսկի մետալ, նշանառութիւն) 7 միլիոն հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի` իւրաքանչիւրին:
Ռէյ Պասիլ (պրոնզ մետալ, անհատական նշանառութիւն) 3 միլիոն լիբանանեան ոսկի:
Լեթիսիա Աուն (պրոնզ մետալ, թեքուանտօ) 3 միլիոն լիբանանեան ոսկի:
Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հասսան Ռըսթոմ, շնորհաւորելով բոլորը, յայտնեց, որ 5 միլիոն լիբանանեան ոսկիի պարգեւատրում մը պիտի ստանայ նաեւ Մայքըլ Ապի Նատեր, որ ըմբշամարտի մրցումներուն տիրացաւ արծաթ մետալի: Ան այդ պարգեւը պիտի ստանայ տարբեր առիթով` նկատի ունենալով, որ ան բնակութիւն հաստատած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:



