Պատրաստուելու համար յառաջիկայ տարի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ կատարուելիք Ասիա-2019-ի բաժակի մրցաշարքին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը այսօր` հինգշաբթի, 11 հոկտեմբերին, ժամը 19:00-ին, բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, հիւրը պիտի ըլլայ Քուէյթի:
Լիբանանի մոնթենեկրոցի մարզիչ Միոտրակ Ռատոլովիչ յաջողեցաւ պատրաստել զօրաւոր կազմ մը, որ բաւական լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ իր կատարած մրցումներուն ընթացքին:
Լիբանանի կազմը իր այս մրցումը կատարելէն ետք պիտի մեկնի Աւստրալիա, ուր պիտի կատարէ նաեւ բարեկամական երկու այլ մրցումներ` Ուզպեքիստանի եւ Աւստրալիոյ դէմ: Այս վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ պատուելու համար Աւստրալիոյ խմբապետ Թիմ Քահիլը:
Կ՛ակնկալուի, որ Լիբանան այսօր յաղթանակ մը արձանագրէ Քուէյթի դէմ:



