
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն ամէնէն կարեւոր յաղթանակը արձանագրեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, որ իր դաշտին վրայ երկարաձգումէն ետք 121-116 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ, որ այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր երրորդ պարտութիւնը: Ուորիըրզէն թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ Քեւին Տիւրանթ (33 կէտ, 11 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Իր կարգին, Թորոնթօ Ռեփթըրզ 126-110 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Նիւ Օրլինզէն: Այս պարտութիւնը Ռեփթըրզի համար եղաւ այս տարեշրջանի երկրորդը (12 յաղթանակներու կողքին):
Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.
| Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Օրլանտօ Մեճիք | 117-109 |
| Մայեմի Հիթ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 114-124 |
| Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Նիւ Օրլինզ | 110-126 |
| Շիքակօ Պուլզ – Տալաս Մավըրիքս | 98-103 |
| Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ | 88-96 |
| Մինեսոթա Վուլվզ – Պրուքլին Նեթց | 88-96 |
| Օքլահոմա Սիթի – Ֆէոնիքս Սանզ | 118-101 |
| Սաքրամենթօ Քինկզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 104-99 |
| Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ | 121-116 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Շարլոթ Հոռնեթց
Տենվըր Նակեթց – Հիուսթըն Ռոքեթց
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Աթլանթա Հոքս


