Մալինկար Թաունի երեք ֆութպոլիստներ, Հորսլիփի դէմ իրլանտացի ֆութպոլի գծով տեղի ունեցած մրցումէն ետք, խոշտանգած են օրուան կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը` Տանիել Սվինին:
«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ այդ երեք ֆութպոլիստները իրաւարարին սուլիչէն ետք դաշտէն դուրս սպասած ու հետապնդած, ապա անոր վրայ յարձակելով ծեծած են զայն: Իրաւարարը ստացաւ քիթի ու ծնօտի կտրուածք եւ դէմքի այլ վնասուածքներ:
Մալինկար Թաունի ներկայացուցիչները որեւէ մեկնաբանութիւն չեն կատարած դէպքին գծով:



