Եուվենթուսի գլխաւոր մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի ճանչցուեցաւ «Քալչիօ»-ի տարուան լաւագոյն մարզիչը:
Այս մրցանակին համար մղուած պայքարին, Ալլեկրի յաջողեցաւ գերազանցել Մաուրիցիօ Սարին (Նափոլի) եւ Սիմոնէ Ինցակին (Լացիօ Ռոմա):
Ալլեկրի, որ այսպիսով չորրորդ անգամն ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին, յաջողեցաւ դառնալ մրցանշակիր:
Այս տիտղոսին երեքական անգամ տիրացած են Անթոնիօ Քոնթէ, Ֆապիօ Քափելլօ եւ Մարչելօ Լիփփի: