Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կատարուելիք Սլովենիա – Նորվեկիա մրցումին Հայաստանէն հսկիչ նշանակուեցաւ Գէորգ Յովհաննիսեան:
Իսկ իրաւարարներ Զաւէն Յովհաննիսեան եւ Մեսրոպ Ղազարեան պիտի ըլլան Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի իրաւարարներ:
Զտումի այս մրցաշարքին, տեղի պիտի ունենայ 14-20 նոյեմբերին, Մալթայի մէջ իրարու դէմ պիտի մրցին Ֆրանսայի, Մալթայի, Լիթուանիոյ եւ Պելճիքայի խումբերը:



